ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ
Ներածական
http://www.aztagdaily.com/archives/143289
...Ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք այստեղ, որ վերջերս առիթը ունեցանք տեսնելու 2012-ին Երեւանի մէջ տպուած Յակոբ Մեղապարտի «Ուրբաթագիրք»-ի արեւելահայերէն աշխարհաբար թարգմանութիւնը` յարակից ուսումնասիրութեամբ, կատարուած` բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Լուսինէ Աւետիսեանի կողմէ, խմբագրութեամբ` փրոֆ. Լեւոն Զեքիեանի:
Յատկանշելի է, որ ցարդ «Ուրբաթագիրք»-ը չէր թարգմանուած գրաբարէն, արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն աշխարհաբարի: Ուստի, ջերմօրէն շնորհաւորելի է այս աշխատասիրութեան հրատարակութիւնը` թէ՛ իր ճոխ բովանդակութեան եւ թէ՛ բարձրորակ տպագրութեան համար:
Նաեւ ընդգծենք, որ 400 էջերէ բաղկացած այս սքանչելի հատորին հեղինակը` Լուսինէ Աւետիսեան (ինչպէս տրուպս), մեսրոպեան-դասական ուղղագրութեան ջերմ պաշտպաններէն է, եւ գուցէ այդ պատճառով ալ ամբողջ աշխատասիրութիւնը պատրաստուած է եւ լոյս ընծայուած` մեսրոպեան-դասական ուղղագրութեամբ: Առ այդ, ան իր յառաջաբանի վերջաւորութեան (էջ 10) կատարած է հետեւեալ կարեւոր հաստատումը.
«Գիրքը հրատարակուած է դասական ուղղագրութեամբ, որով 405 թուականից գծուել են սահմանները հոգեւոր մեր հայրենիքի, որի անսահմանութիւնն է այսօր ընդգծւում նոյն ուղղագրութեամբ. այն հարազատ ձայնագրութիւնն է Ազգի մտածողութեան, նրա ամենաանհրաժեշտ պայմանականութիւնը»:
Իսկ նոյն գիրքի խմբագիր, հանրածանօթ մտաւորական, Վենետիկի համալսարանի դասախօս հայր Լեւոն Զեքիեանը ի միջի այլոց կ՛ըսէ.
«… Լուսինէ Աւետիսեանը «Ուրբաթագիրք»-ի չափածոյ աղօթքները աշխարհաբարի վերածած է այնպէս, որ անոնք կը հնչեն նոյնքան գրաւիչ ու հրապուրիչ, որքան` գրաբարը, հաղորդելով թարգմանութեան հաճելի երաժշտականութիւնը…:
Համոզուած ենք, որ սոյն թարգմանութիւնը եւ յարակից աշխատասիրութիւնը արժանի են բարձրագոյն գնահատանքի համազգային չափանիշներով…» (էջ 16):