Գլխաւոր » Սիամանթօ «Սուրբ Մեսրոպ»
01:09
Սիամանթօ «Սուրբ Մեսրոպ»

 

 

 

 

 

Ֆրանչեսկո Մաջոտտո (1750-1805 թթ,)
«Մեսրոպ Մաշտոցը ստեղծում է Հայոց այբուբենը»

 

ՍԻԱՄԱՆԹՕ

Սուրբ Մեսրոպ

ՆԵՐԲՈՂԱԿԱՆ

Օշականի ամենասուրբ գերեզման,
Հանճարի հո´ղ ուրկէց այսօր,
Տասնեւհինգ մրրիկեան դարերու,
Պատմութիւն մը պերճաշուք,
Արեւելքէն Արեւմուտք, երկու Հայքն բովանդակ,
Դէպի զքեզ, ազատօրէ՜ն աղօթելու կը շարժէ...

Օշականի անհո՜ւն մեռեալ,
Դուն բիւրաւոր ճիւղերով
Ոսկեհոս գետ գիտութեան,
Մտքի փրկիչ, յոյսի Հսկայ, կեանքի կեդրոն,
Դուն անվախճա՜ն փոշիացեալ,
Ուրկէց ուղեղս, մանկութեանս օրերուն,
Ե'ս աղքատօրէն եկայ վառել...

Օշականի վսեմական վարդապետ,
Դուն վեհիմաստ վանական եւ Աստծոյ բաժակ,
Դուն Յիսուսի բազմաբուրեան պատմուճան,
Խօսքի´ աղբիւր, բանի բարձունք,
Կարողութեանց անվե´րջ կատար,
Դուն իմաստի աւազան եւ աղօթքի կապոյտ անձրեւ,
Ափ մը հողէդ ամբողջ երկինք մը դեռ կը բուրէ...

Օշականի դուն անկորուստ կրօնական,
Անապատին մէջ մխրճուող ճգնաւոր,
Դուն անբասիր եւ մեհեանական մենակեաց,
Խունկի՜ անտառ, Կնդրուկներո՜ւ բուրաստան,
Քրիստոսի ազնիւ խօսքին դուն տիրական տարածիչ
Եւ գրանիտեայ ուղղափառ սիւն,
Եւ մտքի գմբէթ եւ հոգիի անծայրածիր հորիզոն,
Դո´ւն շնորհքի աշնանային շտեմարան,
Քու հաւատքէ´դ հաւատացեա՜լ ես ալ լացի...

Օշականի մէջ անմահօրէ՜ն մահացեալ,
Անճառելի եւ անդրանիկ դաստիարակ,
Ես երազային երեխայ մը վեցամեայ,
Այբբենարանդ ի ձեռին, անմեղօրէն զայն հեգելով
Առաջին խաչը, ճակտէս սրտիս,
Հաւատա ինծ, ո՜վ հայութի´ւն...
Պատկերիդ դէմ է որ հաներ եմ...
Եւ լսէ´ այսօր, թոթովախօս ծաղկոցի
Շուշանմարմին մանուկներէն`
Մինչեւ ծերերն հողաբոյր,
Քու սուրբ անունդ կ'օրհներգեն... :
Օշականի հանճարանի՜ստ հողակոյտ,
Եկեղեցւոյ խորանին քով անշուքօրէ՜ն մրափող`
Եւ Եհովայի պատգամախօս մեծ մատեանին
Դուն սրբագիր թարգմանիչ,
Ոսկեդարու ադամանդեայ՜ բանալի,
Դուն հայ դպրութեանց անշրջանակ լուսամուտ,
Դուն լեզուի կաճառ, գեղեցկութեան իջեւան,
Դուն ճեմարան մարմարային մտածումի,
Ներէ´ որ քու աշակերտդ արբեցեալ,
Տասնեւհինգ դարեր յետոյ զքե´զ պաշտէ...

Օշականէն մեզի հսկող Մտքի Աստուած,
Դուն հասողութեան հիմնաքար,
Աստղերէն մեզ լոյս լեցնող ոսկեհասակ աշտարակ,
Ուր մեր ուղեղը մեզ կը ժպտի...
Դուն մտածման ծարաւներու արծաթեայ ծով,
Դուն Տարօնածին հսկայ` Մովսէս,
Դուն անհպելի մատենագիր մայր-բարբառի,
Թո´ղ իմ գանգս, վերջալոյսիս,
Քնարիս հետ, մոխիրովս առլցուն,
Յուղարկաւորներս` խնկատուփի մը փոխարէն
Հողակոյտիդ վրայ վառեն...:

Просмотров: 575 | Добавил: © Լուսինէ Աւետիսեան | Рейтинг: 0.0/0
Մեկնաբանութիւններ: 0
Имя *:
Email *:
Код *:
Сделать бесплатный сайт с uCoz