Գլխաւոր » Ուրբաթագրքի (2012) մասին
20:18
Ուրբաթագրքի (2012) մասին

 

ԿՈՐԻՒՆ  ԱՐՔ.  ՊԱՊԵԱՆ 

Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ

Ներածական

http://www.aztagdaily.com/archives/143289

Արդարեւ, 2012 տարին յատկանշուեցաւ որպէս հայ տպագիր գիրքի մեծարանքի եւ փառաբանութեան տարի: Առաջին հերթին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2012-ը հռչակեց «Հայ գիրքի տարի»: Երեւանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ յայտարարուեցաւ «Գիրքի միջազգային մայրաքաղաք»: Սակայն այս բոլորին շարժառիթն ու մղիչ ուժը հանդիսացողը եղաւ 2012 տարուան զուգադիպութիւնը առաջին տպագիր հայերէն գիրքի ծննդեան 500-ամեակին:

Յակոբ Մեղապարտի (որուն վաճառական թէ մտաւորական, աշխարհական թէ հոգեւորական ըլլալը տակաւին բանասիրութեան ծանօթ չէ) 1512¬ին Վենետիկի մէջ լոյս ընծայած «Ուրբաթագիրք»-ը, որ աղօթքի մատեան մըն է, եւ անոր հետեւած «Պատարագատետր»-ը (1513), «Աղթարք»-ը (1513), «Պարզատումար»-ն (1513) ու «Տաղարան»-ը (1514) գեղեցիկ առիթը ընծայեցին համայն հայութեան կազմակերպելու Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ յատուկ հանդիսութիւններ, հնատիպ հայերէն գիրքերու ցուցահանդէսներ, դասախօսական երեկոներ եւ այլն: Այս առիթով գրուեցան նաեւ ոգեկոչական յօդուածներ եւ նոր ուսումնասիրութիւններ:

Հայ գիրքին կտրած 500 տարուան երկար ու դժուարին ճանապարհին` անոր ապրած ոդիսականով հետաքրքրուողներուն համար այսօր արդէն իսկ գոյութիւն ունի մատենագիտական ծաւալուն գրականութիւն, որ իր մէջ կ՛ընդգրկէ աւելի քան հարիւր տարուան ուսումնասիրական եւ բանասիրական հետեւողական աշխատանք:

Լոկ գաղափար մը ունենալու համար այստեղ յիշենք Թէոդիկի «Տիպ ու տառ» մեծապէս գնահատելի աշխատասիրութիւնը (Պոլիս 1912), որ հայերէն առաջին գիրքի տպագրութեան 400-ամեակին նուիրուած համահայկական հանդիսութեանց շրջագիծին մէջ կատարուած երախտարժան ներդրում մըն է: Յատուկ յիշատակութեան արժանի են հանրածանօթ մտաւորական Ռաֆայէլ Իշխանեանի հետեւեալ երկու հատորները`  «Հայ գիրքի պատմութիւն», հատոր 1 (Երեւան, 1977) եւ «Հայ գիրքը» 1512-1920 (Երեւան, 1981). իսկ «Հայ գիրքը» խորագիրի տակ Երեւանի մէջ` 1967-2007 տարիներու միջեւ լոյս տեսան չորս հաստափոր հատորներ, որոնք պատրաստուած են Հայաստանի զանազան բանասէրներու հաւաքական աշխատանքով:

Ուստի, ճիշդ 40 տարիներու վրայ տարածուած այս պատկառելի հատորներու պատրաստութեամբ եւ լոյս աշխարհ գալով ներկայիս ունինք 1512-էն մինչեւ 1920 տարիներու ընթացքին տպագրուած հայերէն գիրքերու, անոնց տպագրուած վայրերու եւ հրատարակիչներու ցանկերը: Սակայն ամբողջացնելու համար աւելի քան հարիւր տարի առաջ սկսուած այս կարեւոր աշխատանքը յուսանք, որ Հայաստանի մշակոյթի կեդրոններէն մէկը` շուտով նախաձեռնէ (անշուշտ եթէ արդէն իսկ ընթացքի մէջ չէ այս աշխատանքը) եւ աւարտելով պատրաստութիւնը` հրատարակէ հայ գիրքի վերջին հարիւրամեակի` 1920-2020-ի պատմութիւնը:

Փակելէ առաջ ներածականի այս բաժինը, ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք այստեղ, որ վերջերս առիթը ունեցանք տեսնելու 2012-ին Երեւանի մէջ տպուած Յակոբ Մեղապարտի «Ուրբաթագիրք»-ի արեւելահայերէն աշխարհաբար թարգմանութիւնը` յարակից ուսումնասիրութեամբ, կատարուած` բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Լուսինէ Աւետիսեանի կողմէ, խմբագրութեամբ` փրոֆ. Լեւոն Զեքիեանի:

Յատկանշելի է, որ ցարդ «Ուրբաթագիրք»-ը չէր թարգմանուած գրաբարէն, արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն աշխարհաբարի: Ուստի, ջերմօրէն շնորհաւորելի է այս աշխատասիրութեան հրատարակութիւնը` թէ՛ իր ճոխ բովանդակութեան եւ թէ՛ բարձրորակ տպագրութեան համար:

Նաեւ ընդգծենք, որ 400 էջերէ բաղկացած այս սքանչելի հատորին հեղինակը` Լուսինէ Աւետիսեան (ինչպէս տրուպս), մեսրոպեան-դասական ուղղագրութեան ջերմ պաշտպաններէն է, եւ գուցէ այդ պատճառով ալ ամբողջ աշխատասիրութիւնը պատրաստուած է եւ լոյս ընծայուած` մեսրոպեան-դասական ուղղագրութեամբ: Առ այդ, ան իր յառաջաբանի վերջաւորութեան (էջ 10) կատարած է հետեւեալ կարեւոր հաստատումը.

«Գիրքը հրատարակուած է դասական ուղղագրութեամբ, որով 405 թուականից գծուել են սահմանները հոգեւոր մեր հայրենիքի, որի անսահմանութիւնն է այսօր ընդգծւում նոյն ուղղագրութեամբ. այն հարազատ ձայնագրութիւնն է Ազգի մտածողութեան, նրա ամենաանհրաժեշտ պայմանականութիւնը»:

Իսկ նոյն գիրքի խմբագիր, հանրածանօթ մտաւորական, Վենետիկի համալսարանի դասախօս հայր Լեւոն Զեքիեանը ի միջի այլոց կ՛ըսէ.

«… Լուսինէ Աւետիսեանը «Ուրբաթագիրք»-ի չափածոյ աղօթքները աշխարհաբարի վերածած է այնպէս, որ անոնք կը հնչեն նոյնքան գրաւիչ ու հրապուրիչ, որքան` գրաբարը, հաղորդելով թարգմանութեան հաճելի երաժշտականութիւնը…:

Համոզուած ենք, որ սոյն թարգմանութիւնը եւ յարակից աշխատասիրութիւնը արժանի են բարձրագոյն գնահատանքի համազգային չափանիշներով…» (էջ 16):

Այս բոլորին մէջ այն, ինչ որ մեզ ամէնէն շատ կը հետաքրքրէ, մերթ հպարտութեամբ եւ մերթ վիշտով կը լեցնէ մեր սիրտը, տպագիր  գիրքին եւ հայկական մամուլի ետին կանգնած, անոնց մղիչ ուժը հանդիսացած հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու, հայ գիրին ու գրականութեան տարածման նուիրուած անձնազոհ մշակներու թափած գերմարդկային ճիգերն են:

Հակառակ անոնց նկատմամբ յատկապէս Եւրոպայի մէջ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ ցուցաբերուած թշնամական վերաբերմունքին, անոնց առջեւ դրուած անյաղթահարելի թուացող արգելքներուն, ապրելով հանդերձ նիւթական անձուկ պայմաններու մէջ, ի վերջոյ անոնք յաջողեցան հայ տպագիր գիրքը աշխարհ բերել: Հպարտանքի համազօր այդ երեւոյթին դիմաց մենք այսօր պարզապէս երախտագիտութեամբ կը խոնարհինք:

Նուազագոյն փորձ մը լուսարձակի տակ առնելու` աշխարհի չորս ծագերուն հայերէն տառեր ձուլած կամ փորագրած, հայկական տպարաններ հիմնած, գիրք ու մամուլ հրատարակած հայ մշակոյթի ջահակիրներու կենսագրութիւնները` մեզ կը տանին շատ հեռուները: Նման աշխատանք իրագործելու համար տարիներու հետեւողական աշխատանքի կարիքն ունինք:

Ուստի, մեր այս համեստ գրութեամբ, առ այժմ պիտի բաւարարուինք միայն Նոր Ջուղայի Սբ. Ամենափրկիչ վանքի տպարանի հիմնադիր Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի կենսագրութեան ներկայացումով:

Օքսֆորտի Համալսարանի Ուսանողութեան
Տարիներ Եւ Խաչատուր Վրդ. Կեսարացիի
Տպած Սաղմոսարանը*

Իմ առաջին ծանօթացումս Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի` Նոր Ջուղայի Սբ. Ամենափրկիչ վանքի Տպարանէն լոյս տեսած առաջին գիրքին` «Սաղմոս ի Դաւիթ»-ի հետ տեղի ունեցած է հաճելի պատահականութեամբ մը, երբ ես ուսանող էի Անգլիա, Օքսֆորտի համալսարանը եւ կ՛աշխատէի «Հայ եւ վրաց եկեղեցիներու յարաբերութիւնները. միութիւն եւ բաժանում» նիւթին վրայ`որպէս աւարտաճառ տոքթորական: Այդ պատահական ծանօթացման դէպքը վերյիշելու համար անհրաժեշտ է այժմ քանի մը տասնամեակ` ճիշդ 45 տարիներ ետ երթալ:

1968 տարին էր: Այդ օրերուն ես կը բնակէի «Ուիքլիֆ հոլ» կոչուած, Անկլիքան եկեղեցւոյ հոգեւորականներ պատրաստող աստուածաբանական յատուկ քոլէճին մէջ: Շաբաթը մէկ անգամ, եթէ չեմ սխալիր, Չորեքշաբթի առաւօտները, կ՛ուղղուէի «Օրիյէնթըլ ինսթիթիութ», ուր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական մեծ ներդրումով հիմնուած հայագիտական ամպիոնին մէջ կը դասաւանդէր անուանի հայագէտ` փրոֆ. Չարլզ Տաուսեթը, որուն տիտղոսն էր` «Ֆիլօ աֆ Փեմպրոք քոլեճ էնտ փրոֆեսէօր աֆ արմինիըն սթատիզ ին տը ֆեքըլթի օրիյենթըլ սթատիզ»: Շատ մը հին եւ արդի լեզուներու քաջածանօթ, ներհուն լեզուաբան ու մտաւորական, որպէս մասնագէտ հայերէն ձեռագիրներու եւ մանրանկարչութեան` մեծ համբաւ կը վայելէր համալսարանին մէջ: Քիչեր գիտէին, որ ան նաեւ անգլերէնի թարգմանած էր հայ գրականութենէն ընտրուած բազմաթիւ նիւթեր եւ զանոնք լոյս ընծայած էր, եթէ չեմ սխալիր, Չարլզ Տաունինկ ծածկանունով:

Տարիներու մեր համագործակցութեան շնորհիւ, անկախ դասախօսի եւ ուսանողի մեր պաշտօնական յարաբերութիւններէն, մենք դարձած էինք նաեւ մտերիմներ: Նորութիւն էր իրեն համար հայ ուսանող ունենալը: Ամերիկացի, անգլիացի, իտալացի, նորվեկիացի ու հոլանտացի դասընկերներուս մէջ ես միակ հայն էի եւ ուստի հայ մատենագրութեան ու պատմութեան եւ առհասարակ հայութեան վերաբերող անցեալի եւ ներկայի խնդիրներու մասին յաճախ կ՛ունենայինք դասարանին մէջ կամ իր ընտանեկան յարկին տակ հետաքրքրական զրոյցներ:

 

* Այսու շնորհակալութիւն կը յայտնենք Օքսֆորտի համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօս տոքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանին, որ ընդառաջելով մեր խնդրանքին` մեզի տրամադրեց Օքսֆորտի համալսարանի կարգ մը հաստատութեանց շէնքերու լուսանկարները:

Անթիլիաս

(Շար.1)

 

 

Անթիլիաս

(Շար.1)

Категория: Յօդուածներ | Просмотров: 394 | Добавил: © Լուսինէ Աւետիսեան | Рейтинг: 0.0/0
Մեկնաբանութիւններ: 0
Имя *:
Email *:
Код *:
Сделать бесплатный сайт с uCoz